2014-10-01 09:39:02

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարի զեկոյցը մամուլին հետ` ''Անվերապահօրէն եւ աներկիւղ պիտի փնտռենք ճշմարտութիւնը''։


Յառաջիկայ 5-19 Հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը որուն բնաբանն է` ''ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս''։
Այս առթիւ յառաջիկայ 4 Հոկտեմբերին Իտալական եկեղեցին կազմակերպած է աղօթքի հսկում ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, ժամը 18-19.30։
Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսէրի` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. ''Ամենայն անդորրութեամբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրապետները պիտի դիմագրաւեն ընտանիքի հայող դրական թէ ժխտական հարցերը, լաւագոյնս պատասխան տալու երիտասարդներուն, ընտանիքի Աւետարանի գեղեցկութեան մասին։ Մաղթանքս է որ ամէն անհատ իր սատարը տայ սիւնոհդոսական հայրերուն, ի շահ ընտանիքին համաշխարհային լաւագոյն տեսութեան մը հասնելու համար։
Եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին նպատակն է բանակցիլ ընտանիքի հայող հարցերու մասին` ըլլան անոնք դրական թէ ժխտական։ Ամէն հայրապետ կանչուած է հաղորդելու իր ճանաչումներն ու համոզումները։ Եկեղեցւոյ ուսուցումը ամուսնութեան ու ընտանիքի մասին ամէնուն բացայայտ են։ Աստուծոյ գթութիւնն ու ներումը անբաժան մէկ մաս են Եկեղեցւոյ ուսուցումին եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ կը խօսի Աստուծոյ գթութեան ու ներումի մասին, որպէս ճշմարտութիւն մը որ պէտք է միշտ ընկերանայ մարդու կեանքին բոլոր հանգրուաններուն։
Սրբազան Քահանայապետը իր կատարած բազմաթիւ միջամտութիւններու ընթացքին ըսած է. հարկաւոր է որ ամէն հայրապետ աներկիւղ ու անվերապահ արտայայտուի։ Հետեւաբար եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքներու ընթացքին մասնակցողները կանչուած են արտայայտել իրենց համոզումներն ու տեսութիւնները փնտռելով ճշմարտութիւնը` Քրիստոսի անձը, մարդ-Աստուած, պատմական մարդը եւ Հօր Աստուծոյ Որդին։
Յիսուս ըսաւ. ''ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը''։ Յիսուսին հետ պէտք ենք ընթանալ։ Ան եղաւ առաջին Քարոզիչը, մարդոց միջեւ ապրեցաւ եւ մարդիկ Զինք ճանչցան անսալով անոր խօսքին եւ տեսնելով անոր կատարած նշանները եւ իր տուած կեանքի վկայութիւնը։
Կարդինալ Պալտիսսերի մատնանշեց նաեւ թէ եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը իր աշխատանքները պիտի եզրափակէ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, բացառաբար սիւնհոդոսը ուրիշ հանգրուաններ պիտի ունենայ լաւագոյն ու հասուն եզրակացութեան մը հասնելու համար։
Կարտինալ Պալտիսսերի յայտնեց որ ժողովին կը մասնակցին 13 զոյգեր եկած աշխարհի չորս ծագերէն ու տարբեր երկիրներէն։ Անոնք վկայութիւն պիտի տան իրենց ապրած կեանքին մասին։Ան ընդգծեց որ չկայ աշխարհագրութիւն մը, պատմութիւն մը եւ գրականութիւն մը ու գիտութիւն մը որ չի խօսիր ամուսնութեան եւ ընտանիքին մասին որպէս հիմնական արտայայտութիւնը ընկերութեան ու եկեղեցւոյ։
Սիւնհոդոսին աւարտին հայրապետները պատգամ մը պիտի ուղղեն Աստուծոյ ժողովուրդին։ Նոյնպէս առաջարկներու թղթածրար մը պիտի պատրաստուի, որ պիտի յանձնուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ որու հիման վրայ սիւնհոդոսի երկրորդ հանգրուանին սիւնհոդոսական հայրերը պիտի խորացնեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.